Թորոնթոյի Հանրային Գրադարանը տրամադրած է ձրի ծառայութիւններ բոլոր անոնց որոնք եկած են հաստատուելու Թորոնթօ:

Այցելեցէք մեզ որպէսզի:-

  • Ստանաք ձրի գրադարանի քարդ: Մի միայն ձեր հետ բերէք երկու ինքնութեան փաստաթուղթեր , որոնցմէ մէկուն մէջ նշուած է ձեր անունը եւ հասցէն:
  • Oգտագործէք համացանցին (ինթըրնեթի) կապուած համակարգիչներ , բառի-մշակումով (word processing) եւ շատ տուեալներու-հենքերով (database) օժտուած, որը կը գտնուի գրադարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ:
  • Միանաք ձրի wifiwifi-ի գրադարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ:
  • Փոխ առնէք գիրքեր, շարժանկարներ եւայլն, ըլլայ անձամբ գրադարանի մասնաճիւղերէն, կամ առցանց (online): Գրադարանին նիւթերը քառասուն լեզուներով ձեռնտու են, ներառեալ արաբերէն եւ քրտերէն լեզուները:
  • Տեսակցիք հաստատման պաշտօնեայի մը հետ որ կարող է ձեզի օգտակար դառնալ աշխատանք գտնելու, վարորդի արտօնագիր ստանալու եւայլն:
  • Յաճախէք անգլերէն սորվելու եւ վարժութեան դասընթացքներ:
  • Ներբեռնէք (download) բազմազան ելեկդրոնային աղբիւրներ, մեծերու եւ փոքրերու, նաեւ Անգլերէնը իբր Երկրորդ Լեզուի նիւթեր:
  • Կարենաք մասնակցիլ մեր յայտագիրներու զանազան նիւթերուն, ներառեալ ինչպէս ձեռնարկել փոքր գործ մը, աշխատանք փնտռել, նաեւ մանուկներու պատմութեան ժամեր:
  • Կապ պահէք գրադարանի անձնակազմին հետ: Մենք ջերմօրէն կ'ընդունինք ձեր հարցումները եւ անհամբեր կը սպասենք ձեզ օգնելու: Մենք ունինք նաեւ լեզուի թարգմաններ:

Հանրային Գրադարանի անձնակազմին անունով անհամբեր կը սպասենք ձեզ հանդիպելու